ՎԻՇՏ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ
Ուղղեցոյց մը՝ Սգացող Քրիստոնեային համար Նշանակալից Կորուստէ մը ետք
by
Book Details
About the Book
"Վիշտը մարդկային բնական հակազդեցութիւն մըն է եւ արդիւնք՝ սիրելիի մը մահուան կամ որեւէ կորուստի։ Անիկա բարդ ու բազմաչափ ընթացք մըն է եւ իւրայատուկ՝ ամէն անհատի։ Երբ մեր կորուստի վիշտը աննկատ ձգենք, անիկա ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր առողջութեան վրայ, ըլլայ մտային՝ ըլլայ ֆիզիքական, եւ կամ ալ զգացական։ Աւելին՝ այս վիճակը պատճառ կրնայ դառնալ յարաբերութիւններու խզման եւ կոտրուածութեան։ Ներկայիս, որքան ալ ցաւդ մեծ ըլլայ, եւ վիշտէ վերականգնումի գործընթացը դժուար եւ անկարելի թուի քեզի, սակայն հարկ է որ կեանքը յառաջ երթայ եւ կարողանաս նաւարկել կեանքի բոլոր փոփոխութիւններու ընդմէջէն եւ վերականգնել ինքնութեանդ լաւագոյն կարելին։ Այս իմաստով, ցաւի յաղթահարումը մեր մէջ պիտի սատարէ հոգեմտային առողջութիւն եւ ամբողջականութիւն։ Շատ յաճախ, կորուստը կու գայ եւ անհատը կը մատնէ վիշտի, անակնկալօրէն կ՚ընդհատէ անոր բնական ընթացքը եւ տակնուվրայ կ՚ընէ անոր կեանքը. հոն պարապութիւն մը կը ստեղծէ եւ մէջտեղ կը բերէ հոգեկան ցանուցիր բեկորներ։ Առաւել, անհրաժեշտ է որ վիշտի յաղթահարման աւարտին, անհատը նախ խաղաղութիւն՝ ետքը իմաստ գտնէ, անկիւնադարձային փոփոխութիւն մը ապրի, յոյսով լեցուի եւ ներքին լուսաւորում ունենայ։ Յիսուս ըսաւ.- «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16:33). Որպէս Քրիստոնեաներ, յիշենք թէ մեր յոյսը յաւիտենական կեանքի մէջ է, ինչպէս Խօսքը կ’ըսէ.- «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ. ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտ. 21:4)։ Այս խոստումով, մեր ցաւը կը փոխարինուի յոյսով։"
About the Author
Տոքթ. Թամար Սվաճեան Ամուսնութեան եւ Ընտանիքի Արտօնագրուած Թերապետ է եւ տնօրէն՝ Յոյսի Կեդրոն (www.HuisCenter.com) խորհրդատուական գրասենեակին։ Ան կը գործէ նաեւ Ֆրեզնօ, Քալիֆորնեայի The Well Counseling Center-ին մէջ։ Իր հմուտ մասնագիտութիւններով մեծապէս կը նպաստէ Վիշտէ ու կորուստէ տառապողներու, ամուսնութիւններ կը բարելաւէ եւ կոտրուած յարաբերութիւններ կը վերանորոգէ։ Նախորդող տարիներուն, ան կորուստի եւ վիշտի փորձառութեան մէջէն անձամբ անցնելով, երբ անտեղեակ որեւէ հոգեբուժական մէթոտներէ, բուռն հետաքրքրութիւն եւ մղում ունեցաւ յաճախելու Fuller Theological Seminary պատասխաններ գտնելու եւ սորվելու այս գիտութեան մասին։ Ապա միացնելով զայն իր հաւատքին՝ դրական փորձառութիւն ունեցաւ ու որոշեց նուիրուիլ նման տառապանքէ անցնողներու ապաքինութեան աշխատանքին։ Իսկ իր դոկտորական հետազօտութիւններուն եւ մասնագիտութեանց մէջ ան կեդրոնացաւ Հաւաքական Դրոմայի Վերականգնումի եւ Բազմասերնդային Վիշտի վրայ։